
Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց առողջապահական չափանիշները չամբողջացնող ուտեստեղէն վաճառող հաստատութիւններու ու ճաշարաններու եւ անոնց ապառողջ ուտեստեղէններուն վերաբերող այլ անուանացանկ մը:
Անուանացանկին համաձայն, Հազմիէ «Սփինիզ»-ին պարագային մանրուած միսն ու ճերմակ թացանով թաուքը, Ֆըրն Շըպպեքի «Ֆահտ» վաճառատան պարագային կովու եւ ոչխարի մանրուած միսը եւ ֆահիթան, Քեսրուանի «Հաշեմ» վաճառատան պարագային քաֆթան, շաուըրման եւ համպըրկըրի միսերը, Քեսրուանի «Թրասթ» վաճառատան պարագային մանրուած միսը, քաֆթան եւ համպըրկըրը, Քեսրուանի «Թու Փրի» վաճառատան պարագային կարմիր թացանով թաուքը, Քեսրուանի «Ատիլքօ» վաճառատան պարագային համպըրկըրը եւ մանրուած միսը, Քեսրուանի «Վալէօր» վաճառատան պարագային քաֆթան, թաուքը, համպըրկըրը եւ մանրուած միսը, «Ֆատտուլ» վաճառատան պարագային քաֆթան, թաուքը եւ նրբերշիկը, Սահել Ալմայի «Ուարտինի» վաճառատան պարագային երշիկն ու նրբերշիկը, Աշքութի «Տաղֆալ» վաճառատան պարագային մանրուած կովու միսը, համպըրկըրը եւ հաւը, Շիյահի «Աուն» վաճառատան պարագային մանրուած կովու միսը, թաուքը եւ ֆահիթան, Ժալ էլ Տիպի «Ապու Ժիհատ» ճաշարանին պարագային նրբերշիկը, միսը եւ թաուքը, Անթիլիասի «Հալապի» ճաշարանին պարագային քաֆթան եւ թաուքը, Ժնահի «Թի. Էս. Սի.» վաճառատան պարագային Պրազիլէն ներածուած մանրուած միսը, Ժալ Էլ Տիպի «Ապու Ժոզեֆ» ճաշարանին պարագային միսը եւ թաուքը, Ժնահի «Մոնոփրի»-ի պարագային էսքալոփը, Ժտայտեթ Ղազիրի «Քէյրուզ» վաճառատան պարագային թաուքը, նրբերշիկը եւ «Թանմիա» վաճառանիշը կրող հաւու թոքը եւ Ժտայտեթ Ղազիրի «Քէյրուզ» ճաշարանի պարագային պանիրը:
Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը պիտի շրջի նաեւ Պէյրութի, Հարաւային արուարձաններու եւ Պաալպեքի շրջաններուն մէջ եւ պիտի քննէ հոն վաճառուող ուտեստեղէնները:
Ան ընդգծեց, որ իր յայտարարած ցանկերուն մէջ նշուած որեւէ հաստատութիւն կրնայ իր վաճառած արտադրութիւններուն առողջապահական չափանիշները վերահաստատելէ ետք դիմել նախարարութեան, կամ նոյնիսկ դիմել նախարարութեան լուսաբանուելու համար, թէ ինչո՛ւ իրենց անունը յայտարարուած է:
Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ իբրեւ կուսակցութիւն Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ այդ արշաւը` աւելցնելով, որ իրենք սպառնալիքներէ, պոռչըտուքէ եւ կաշառքէ չեն ազդուիր, այլ` այս արշաւը պիտի շարունակեն մինչեւ վերջ:
Մինչ Ապու Ֆաուր մամլոյ ասուլիսի հրաւիրած էր, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Թուիթըր»-ի իր անձնական հաշիւին ընդմէջէն ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց Ապու Ֆաուրի` դիմադրելու փտած նախարարներուն, որովհետեւ այս պայքարը քաղաքացիին առողջապահութիւնը պաշտպանելու պայքար է:
Իր կարգին, Ապու Ֆաուր ասուլիսի աւարտին ըսաւ, որ եթէ ինք Ժոմպլաթի զօրակցութիւնը չվայելեր, ապա զինք կը մանրէին:
Միշել Ֆարաոն Կը Պատասխանէ
Զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն վարչապետարանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ յայտնեց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը պէտք է հաշուետուութեան կանչել` նկատի ունենալով, որ առողջապահական չափանիշները չամբողջացնող ուտեստեղէն վաճառող հաստատութիւններուն եւ ճաշարաններուն կողքին ան նաեւ 20 տարի անտարբեր մնացած է:
Ֆարաոն յայտնեց, որ Ապու Ֆաուրի նշած կարգ մը հաստատութիւններուն պարագային անոնք մաքրութեան իմաստով բոլոր չափանիշները կ՛ամբողջացնեն, իսկ առողջապահական չափանիշները չամբողջացնող ուտեստեղէններու պարագային, ապա երկրագործութեան, տնտեսութեան եւ այլ նախարարութիւններ պէտք է իրենց ըսելիքը ունենան:


