Աշխատանքային այցելութեամբ Պելճիքա գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան այցելած է Պելճիքայի Մոնս քաղաքին մէջ տեղակայուած ՕԹԱՆ-ի Եւրոպայի դաշնակցային ուժերու ընդհանուր հրամանատարութիւն, տեսակցած է հրամանատար, Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու զօրավար Ֆիլիփ Պրիտլովին հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են միջազգային կայունութեան ապահովման եւ խաղաղապահ գործողութիւններուն մասնակցութեան նպատակով Հայաստանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու ՕԹԱՆ-ի ուժերու հետ գործակցութեան մակարդակի բարձրացման եւ շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, որ Սէյրան Օհանեան Պրիւքսէլի մէջ աշխատանքային հանդիպում ունեցած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ալեքսանտր Վերշպոուին հետ: Քննարկուած են Հայաստան – ՕԹԱՆ երկկողմ համագործակցութեան, շրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան մարտահրաւէրներուն առնչուող հարցեր: Կողմերը բարձր գնահատած են համագործակցութեան ներկայ մակարդակը` յոյս յայտնելով, որ ատիկա կը շարունակէ զարգանալ նոյն յաջողութեամբ:


