
Ֆրանսայի արդարադատութեան նախարարութեան մէջ կը մշակուի Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար քրէական պատասխանատուութիւն սահմանող օրինագիծ: Այս մասին երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նոր նշանակուած դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ:
Դեսպանը, որ իր հաւատարմագիրները երեքշաբթի յանձնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին, ընդգծած է, որ ֆրանսական կառավարութիւնը նման օրինագիծ մը կը մշակէ նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի ցուցմունքով:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ հանգրուանի մէջ է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունումը Ֆրանսայի մէջ, դեսպանը ըսած է. «Ֆրանսայի նախագահին ցուցմունքով կառավարութեան մէջ, իսկ երբ կ՛ըսեմ գործադիր իշխանութիւն, նախ եւ առաջ նկատի ունիմ Ֆրանսայի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարարութիւնը, նոր օրինագիծի մշակման ուղղութեամբ կը տարուին աշխատանքներ, որոնք անպայման նկատի պիտի առնեն Սահմանադրական խորհուրդի դիտողութիւնները: Ի միջի այլոց, իրողութիւնը այն է, որ անցեալ տարուան ապրիլին, երբ Փարիզի մէջ կ՛ոգեկոչուէր Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակը, նախագահ Հոլլանտ, մասնակցելով այդ արարողութեան, անգամ մը եւս խօսած է այս մասին: Ինչ կը վերաբերի ժամկէտներուն, այս պահուն ստոյգ ժամկէտ չեմ կրնար ըսել, թէ ե՛րբ այդ նոր օրինագիծը մուտք պիտի գործէ խորհրդարան», ըսած է Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ:
2015-ի Ապրիլին Հոլլանտ Երեւան Պիտի Այցելէ
Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ նաեւ տեղեկացուցած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Հոլլանտ 24 ապրիլ 2015-ին Երեւանի մէջ պիտի ըլլայ` մասնակցելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուելիք յիշատակի արարողութիւններուն:
«Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ պաշտօնապէս յայտարարած է, որ յառաջիկայ տարուան 24 ապրիլին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ», նշած է նոր նշանակուած դեսպանը:
Անդրադառնալով հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններուն` դեսպան Շարփանթիէ սերտ գնահատած է զանոնք եւ ընդգծած է, որ իրեն յանձնարարուած է աշխուժացնել հայ-ֆրանսական կապերը:


