
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը հարցազրոյց մը կատարած է բարձրաստիճան թուրք դիւանագէտ Ալթայ Ճենկիզերի հետ, որ կ՛ըսէ, որ 2015-էն ետք Թուրքիոյ մէջ նոր ռազմավարութիւն մը անհրաժեշտ է:
Խօսքը հակադարձման ռազմավարութեան մասին է, որպէսզի Թուրքիան կարենայ «դիմակայել» հայերու պահանջատիրութիւնը, կը նշէ Ճենկիզեր, որ այժմ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ քաղաքականութեան ծրագրաւորման բաժանմունքի գլխաւոր տնօրէնն է:
Ճենկիզեր նոր վերադարձած է Ուաշինկթընէն եւ տպաւորուած, թէ հայկական կառոյցները ինչպէ՛ս կը նախապատրաստուին 2015-ին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:
Դիւանագէտին գնահատումով, հայերուն նպատակն է «թուրքերը ձգել այն անցեալին հետ, որուն հետ թուրքերը ի զօրու չեն գործ ունենալու»: Իսկ 2015-ը ան կը համեմատէ «ֆութպոլի մէջ փենալթիի հարուածին» հետ` բացառիկ կարելիութիւն մը, որ ընձեռուած է հայերուն: Ան կը նախատեսէ, որ հայերը պիտի փորձեն այդ «փենալթիով կոլ նշանակել»:
Ճենկիզեր նաեւ կը նախատեսէ, որ Միացեալ Նահանգներ կրնան ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչ որ ամէնէն վատ «դիպաշարը» պիտի ըլլայ Անգարայի համար: Ան նաեւ կը փորձէ արդարացնել օսմանեան իշխանութիւններուն գործողութիւնները` ըսելով, որ անոնք ստիպուած էին բռնի աքսորի ենթարկել հայերը, եւ ատիկա չեն ըրած «ուրախ-ուրախ»: Ան կը խոստովանի, որ երբ կը նայի հայ աքսորեալ երեխաներու լուսանկարներուն, կը մտածէ անոնց մասին, որոնք հայերուն նման տառապանքներու դատապարտուած են:


