«Երկիր»-ի կայքը տեղեկացուց, որ «ՍիվիլՆեթ» կապ հաստատած է թրքական «Փոսթա» թերթի խմբագրութեան եւ Ազնաւուրի հարցազրոյցի հեղինակ, թուրք արտադրիչ Էրքան Էօզերմանի հետ, եւ ան հաստատած է, որ Ազնաւուր ընդունած է մրցանակը: Լրագրողը «ՍիվիլՆեթ»-ին տրամադրած է նաեւ լուսանկարներ` Ազնաւուրը մրցանակը ձեռքին: «Երկիր»-ին հետ զրոյցին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեանը նշած է, որ իրենք կը պնդեն` Ազնաւուր մրցանակ չէ ընդունած: «Հանդիպման ընթացքին մրցանակի մը մասին խօսք նոյնիսկ չէ եղած: Ազնաւուրին յանձնած են յուշանուէր իր մօր` Իզմիթ քաղաքի խորհրդանիշը, որ թուրք լրագրողը ներկայացուցած է իբրեւ մրցանակ», ըսած է Տիգրան Բալայեան: Յիշեցնենք, որ Ազնաւուրին աղմուկ բարձրացուցած հարցազրոյցին առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը չորեքշաբթի հրապարակած էր յայտարարութիւն մը, ուր կը նշուէր. «Շարլ Ազնաւուր թրքական ոչ մէկ թերթի հարցազրոյց տուած է եւ ոչ մէկ մրցանակ ընդունած»:


