Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատուիրակութեան ղեկավար, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Մոսկուայի մէջ երէկ մասնակցած է Կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովի խորհուրդի նիստի աշխատանքներուն: Հայկական պատուիրակութեան կազմին մէջն են Կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատուիրակութեան ներկայացուցիչներ Խոսրով Յարութիւնեան եւ Կորիւն Նահապետեան:
Խորհուրդի նիստին քննարկուած են խորհրդարանական դիւանագիտութեան, միջազգային եւ շրջանային անվտանգութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ 1941-1945 թուականներու Համաշխարհային Բ. պատերազմի յաղթանակի 70-ամեակին առնչուող հարցեր: Կողմերը կարեւոր նկատած են միջխորհրդարանական համագործակցութեան հետագայ ամրապնդման եւ խորացման անհրաժեշտութիւնը:
Ռուսիոյ պատուիրակութիւնը յայտարարած է, որ համաձայն է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատուիրակութեան դիրքորոշման, որ կը վերաբերի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովի` Հարաւային Կովկասի իրավիճակին եւ Կազմակերպութեան պատասխանատուութեան գօտիին յարող շրջաններուն մասին յայտարարութեան:
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ, Ռուսիոյ Պետական տումայի նախագահ Սերկէյ Նարիշքին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատուիրակութեան առաջարկը` պատրաստակամութիւն յայտնելով հարցը քննարկել յառաջիկայ նիստին:
Հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Էդուարդ Շարմազանով առաջարկած է Կազմակերպութեան Խորհրդարանական վեհաժողովի խորհուրդի նիստը 2015 թուականի աշնան կազմակերպել Երեւանի մէջ:


