Պոլսոյ ծանր յանցանքներու գործերով 5-րդ դատարանը որոշում տուած է Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատավարութիւնը սկսելու զերոյէն:
Թրքական «Սապահ» թերթը կը տեղեկացնէ, որ Պոլսոյ ծանր յանցանքներու գործերով 5-րդ դատարանը նկատի առած է վճռաբեկ ատեանի որոշման բովանդակութիւնը` վճռելով Տինքի սպանութեան գործով մեղադրեալները եւ դատապարտուածները նոր դատավարութեամբ դատել:
Նախկինին համեմատ, այս անգամ բոլոր մեղադրեալներուն մեղադրանք պիտի ներկայացուի «յանցանք կատարելու համար յանցագործ խումբ ստեղծելու, կառավարելու, կամ այդ խումբին անդամ ըլլալու» մեղադրանքներով: Նախկինին մէջ ասիկա չկար, բան մը, որ մեղմացուցած էր մեղադրեալներուն տրուած պատիժի չափերը:
Բացի ատկէ, օրեր առաջ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը վճռած է դատական գործեր յարուցել ընդդէմ Տինքի սպանութեան ժամանակ կարեւոր պաշտօններ ստանձնած 9 պետական պաշտօնատարներու, որոնց շարքին են Պոլսոյ նահանգային նախկին ոստիկանապետ Ճելալէթթին Ճերրահ, հետախուզութեան վարչութեան նախկին պետ Ահմեթ Իլհան Կիւլեր, Պոլսոյ նահանգապետի նախկին տեղակալ Էրկիւն Կիւնկէօր:


