«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ երբեմնի հայաբնակ Բալու շրջանին մէջ դարեր առաջ կառուցուած եւ այժմ աւերակի վերածուած եկեղեցին պիտի վերակառուցուի:
Բալուի քաղաքապետ Ահմեթ Սայիտ Տաղօղլու այցելած է հայկական եկեղեցի եւ ըսած. «Եկեղեցին, ուր կը գտնուինք, 8 դար շարունակ ծառայած է հայ համայնքին: 1970-ականներուն անիկա տակաւին կանգուն եղած է, եւ ատիկա կ՛երեւի լուսանկարներէն: Գանձեր փնտռողները շինութեան էական վնասներ հասցուցած են, իսկ մենք` այստեղ բնակողներս, զայն չենք պահպանած: Հայ համայնքին հետ հանդիպելով` 2015-2016-ին մտադրած ենք սկսիլ ատոր վերակառուցումը: Աստուծոյ կամքով, ատիկա պիտի կարենանք ընել, եւ մեր հայ դրացիներուն եւ բարեկամներուն հետ դարձեալ պիտի հանդիպինք Բալուի մէջ»:
Վերակառուցուած է նաեւ քաղաքի մզկիթը:
Քաղաքապետը «Անատոլու»-ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ այդ տարածքներուն մէջ տարբեր հաւատքի բնակիչներ հարիւրամեակներ շարունակ միասին ապրած են:
«Կողք կողքի ապրած են եւ ամէն մէկը իր երկրպագութիւնը հանգիստ կատարած է: Ուլու մզկիթը այս ամիս վերակառուցուեցաւ: Այժմ հայ համայնքին հետ մեր հանդիպումները կը շարունակուին: Եթէ յաջողինք, 2015-2016-ին պիտի սկսինք 100 մեթր տարածք ունեցող այս եկեղեցւոյ վերակառուցումը», ըսած է ան:
Քաղաքապետը Բալուն խճանկարի նմանցուցած է:
«Բալուն շրջակայքի քաղաքակրթութիւններու, արուեստի եւ տարբեր մշակոյթներու առումով շատ բան տուած է: Այժմ մենք կը պայքարինք, որպէսզի արուեստագէտները դարձեալ կողք կողքի աշխատին», ըսած է ան:


