Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մահչուփեան. «Հայկական Աշխարհի Բազմաշերտութիւնը Կը Թեթեւցնէ Թուրքիոյ Գործը»

November 1, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էթիեն Մահչուփեան
Էթիեն Մահչուփեան

Պոլսահայ գրող, լրագրող, հրապարակախօս Էթիեն Մահչուփեան վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի գլխաւոր խորհրդական նշանակուելէն ետք առաջին անգամ հարցազրոյց տուած է: Ըստ «Աքշամ» թերթին, Մահչուփեան խօսելով Հրանդ Տինքի դատավարութեան հարցին մէջ կառավարութեան դրսեւորած վերաբերմունքին մասին, նշած է, որ ատիկա  Թուրքիոյ Հանրապետութեան դատն է: Այդ իսկ պատճառով ինքն ալ իբրեւ հայ որոշած է չհետաքրքրուիլ այդ դատավարութեամբ:  «Այս դատը ինծի, իբրեւ հայ, ոչ մէկ ըսելիք ունի: Ինծի համար կարեւոր չէ, 5 թէ 55 մարդ կը դատապարտեն: Այստեղ այլ առերեսումի մը կարիք կայ: Եթէ կուսակցութիւնը, կառավարութիւնը իր խիղճին  փնտռտուքներուն համար կը ցանկայ թղթածրարներ բանալ եւ կրկին ուսումնասիրել, ատիկա թուրք հասարակութեան եւ իսլամական հատուածին խիղճը կը թեթեւցնէ եւ իսկապէս արժէքաւոր կ՛ըլլայ: Սակայն եթէ կը կատարուի իրաւական պահանջներէ եւ Եւրոպական Միութեան ճնշումներուն պատճառով, ատիկա ինծի համար ոչ մէկ նշանակութիւն, իմաստ ունի», ըսած է Մահչուփեան:

Լրագրողին այն հարցումին, թէ իբրեւ վարչապետի խորհրդական, 2015 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին կապուած ինչպիսի՞ սպասելիքներ ունի, աշխարհի մէջ ի՞նչ արձագանգներ կ՛ըլլան եւ ի՞նչ պէտք է ընէ Թուրքիա, Մահչուփեան նշած է, որ հայկական աշխարհը շատ բազմաշերտ է (Հայաստան, սփիւռք, Թուրքիոյ հայ համայնք), եւ ատիկա կը թեթեւցնէ Թուրքիոյ գործը, սակայն նոյն ատեն կ՛աւելցնէ պատասխանատուութիւնը:

«Թուրքիոյ գործը կը թեթեւնայ, որովհետեւ ընդհանրական մէկ պահանջի դէմ յանդիման չի կանգնիր: Իսկ պատասխանատուութիւնը աւելնալու առումով, եթէ ուզէ` Թուրքիա կրնայ ոչինչ ընել, սակայն ատիկա  ալ ուշադրութիւն կը գրաւէ: Ատիկա ցոյց կու տայ, որ Թուրքիա սեփական պատմութեան հետ առերեսուելու հարցին մէջ կասկածներ ունի», ըսած է նոր նշանակուած խորհրդականը:

Նախորդը

Բանակը Գրաւեց Մեծ Քանակութեամբ Զէնք Ու Զինամթերք, Ձերբակալեց Յանցագործներ Եւ Վնասազերծեց Ականներ

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Պիտի Վերակառուցուի Աւերակի Վերածուած Հայկական Եկեղեցին

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։