
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը` ներկայութեամբ նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Սերժ Տաղերի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:


