Gruzia online կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականի տեղակալ Քըրթ Թոնկ «Ռուսթաւի-2» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիան պէտք է յարգէ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը:
Ան նաեւ խօսած է Վրաստան-Միացեալ Նահանգներ գիծին վրայ կատարուող աշխատանքային հանդիպման մասին: Ըստ անոր, ան արդէն հանդիպումներ ունեցած է Վրաստանի նախագահին եւ վարչապետին հետ: Զրոյցներու հիմնական նիւթերը եղած են ներդրումները եւ ազատ առեւտուրի կարելիութիւնները:
«Մենք կը կատարենք աշխատանքային խումբերու հանդիպում: Մտադիր ենք խօսիլ շրջանային զարգացման եւ առեւտրական քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ Վրաստանի տնտեսական մարտահրաւէրներու եւ Վրաստանի ու Միացեալ Նահանգներու սեփական մարզերուն միջեւ համագործակցութեան մասին», ըսած է ան:
Թոնկ յայտնած է, որ նախագահին եւ վարչապետին հետ հանդիպումին ընթացքին ծանօթացած է Վրաստանի տնտեսական զարգացման եւ շրջանային յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հետաքրքրական նկատառումներուն: «Շատ կարեւոր է, որ Ռուսիա յարգէ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Միացեալ Նահանգներ արդէն շատոնց այդ դիրքորոշումը ունի», յայտարարած է Քըրթ Թոնկ:


