Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան – Վատիկան Յարաբերութիւններու Ամրապնդում

October 28, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1027_Hovig_Vatican2Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ ընդունեց Վատիկանի մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի նախագահ, կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռաւազին: Ողջունելով հիւրը` վարչապետը բարձր գնահատեց Հայաստանի համագործակցութիւնը Վատիկանի  հետ եւ ընդգծեց Ս. Աթոռի դերը քրիստոնէական հաւատքի ամրապնդման, աշխարհի մէջ խաղաղութեան եւ  համերաշխութեան հաստատման գործին մէջ:

Աբրահամեան բարձր գնահատեց կարտինալին  գործունէութիւնը, որ կը նպաստէ հոգեւոր-բարոյական արժէքներու տարածման, մշակութային ժառանգութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ համաշխարհային մշակոյթի ժառանգութեան մաս կազմող հայ հոգեւոր մշակոյթի ճանաչման:

Կարտինալ Ռաւազի կարեւոր նկատեց երկկողմ համագործակցութիւնը` հայկական մշակոյթը Վատիկանի մէջ լաւագոյնս ներկայացնելու գործին մէջ եւ համոզում յայտնեց, որ փոխադարձ այցելութիւնները կը նպաստեն Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման:

Վարչապետ Աբրահամեան եւ կարտինալ Ռաւազի նաեւ քննարկեցին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու  կազմակերպման եւ միջազգային ասպարէզին մէջ հայ մշակոյթի տարածման վերաբերող հարցեր:

Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռաւազի երէկ նաեւ այցելեց Մայր աթոռ Ս. Էջմիածին, ուր կարտինալին գլխաւորած պատուիրակութիւնը ողջունեց Մայր աթոռի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Յովակիմ եպս. Մանուկեան: Հիւրերուն փոխանցելով  Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին  ողջոյններն ու բարեմաղթանքները` սրբազանը զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանեայց առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ջերմ յարաբերութիւններուն եւ սերտ գործակցութեան: Կարտինալ Ռաւազի իր կարգին  փոխանցեց Ամենայն հայոց հայրապետին ուղղուած Ֆրանչիսկոս պապի եղբայրական ողջոյնները:

Այնուհետեւ կարտինալը այցելեց Մայր տաճար, եւ  Մայր աթոռի «Ռուբէն Սեւակ» թանգարան:

Իսկ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ  կարտինալը հանդիպեցաւ գիտական խորհուրդի անդամներուն եւ ուսանողութեան հետ, տեղի ունեցաւ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ. Քրիստոնէութեան  ընդհանուր ժառանգութիւն» գիրքին հայերէն եւ  ռուսերէն թարգմանութեան շնորհահանդէսը:

«Ես չեմ գիտեր` կ՛այցելեմ, թէ ոչ, բայց հայ ժողովուրդի կողմէ ցանկութիւն կայ, որ Հռոմի պապը գայ Հայաստան», լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ կարտինալը` պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է կարտինալին 24 ապրիլ 2015-ին  հանդիպիլ Ծիծեռնակաբերդի մէջ:

Ան նշեց, որ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ այդ օրը հայ ժողովուրդին ուղղուած համերաշխութեան, եղբայրութեան ուղերձ պիտի յղուի:

«Մարդկութիւնը կը յիշէ, բոլորը կը յիշեն: Չեմ գիտեր, ուր կ՛ըլլամ, բայց անպայման այդ պահը կը յիշեմ», ըսաւ կարտինալը:

«Ժամանակին դիմած եմ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր քարտուղարին, որպէսզի կարելին  կատարուի կարեւոր պատմական վաւերագիրները` Ջուղայի խաչքարերը փրկելու համար», ըսաւ ան` պատասխանելով հետեւեալ հարցումին. «Ձեր խօսքին մէջ նշեցիք, որ «Հայաստան խաչքարերու երկիր է», սակայն Ազրպէյճան կ՛ոչնչացնէ Ջուղայի հայկական խաչքարերը, արդեօ՞ք որեւէ քայլ կատարուած է այդ վայրագութիւնը կանխելու ուղղութեամբ»:

Կարտինալը ցաւով նշեց, որ ժողովուրդներու  բախման ընթացքին տեղի կ՛ունենան նման վայրագութիւններ:

 

 

Նախորդը

Մահչուփեան. «Տաւութօղլուի Հետ Որեւէ Յատուկ Մարզի Մէջ Խորհրդատուութեան Մասին Չենք Խօսած»

Յաջորդը

Տիգրանակերտի Քաղաքապետը Երեւանի Մէջ Այցելեց Ցեղասպանութեան Թանգարան

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.