
Regnum.ru կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Դաշնակցային մաքսային ծառայութեան ղեկավար Անտրէյ Պելիանինով երէկ «Ռաշա Թուտէյ» միջազգային լրատուական գործակալութեան մամլոյ գործակալութեան մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ «Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանին մաքսայիններու ներկայութեան հարցը լուծուա՞ծ է», ըսած է. «Մօտ ատենէն չենք պատրաստուիր… Ես վերջերս ներկայացուցիչ նշանակած եմ Հայաստանի մէջ: Ան շուտով պիտի ժամանէ Հայաստան: Հաւանաբար ան պիտի այցելէ սահման, սակայն մենք չենք պատրաստուիր հայ մաքսայիններու աշխատանքին միջամտելու»:
Ան նշած է, որ այսօրուան դրութեամբ գլխաւորը աշխատանքային լեզուի հարցն է: «Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի Մաքսային միութեան մէջ մենք կ՛օգտագործենք ռուսերէնը` իբրեւ աշխատանքային լեզու, իսկ Հայաստանի մէջ, ինչպէս ծանօթ է, կ՛օգտագործուի հայերէնը», ըսած է ան:


