Տըննիէի մէջ լիբանանեան բանակին կատարած գործողութենէն ետք երէկ երեկոյեան ժամը 9:00-էն սկսեալ բանակին եւ զինեալներու միջեւ արձանագրուեցան բախումներ, որոնց ընթացքին զինեալներ գնդակոծեցին բանակայինները` պատճառելով 6 վիրաւորներ, որոնց շարքին` սպայ մը:
Շուրջ երկու ժամ ետք գնդակոծումները վերածուեցան հրթիռարձակումի եւ նռնականետերով բախումներու, որոնց պատճառով վիրաւորուեցան նաեւ քաղաքայիններ:
Զինեալները հրթիռարձակումի թիրախ դարձուցին նաեւ բանակի զրահապատներէն մէկը:
Զինեալ բախումները հիմնականին մէջ ընթացան Զահիրիէի եւ Թրիփոլիի Նըժմէ հրապարակին վրայ:
Զինեալները Զահիրիէի ասորիներու եկեղեցին իրենց ապաստանարանին վերածեցին:
Զինեալ բախումներուն կողքին բանակը Թալլի, Ապի Սամրայի եւ Թրիփոլիի բերդին շրջակայքը կատարեց ձերբակալումներ եւ շրջափակեց Զահիրիէի ասորիներու եկեղեցին:
Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ընդգծեց, որ Ասունի մէջ գտնուած դիակը «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութիւններու ենթարկելէ ետք ի յայտ եկած է, որ անիկա լիբանանեան բանակէն իր անջատումը յայտարարած բանակային Ապտել Քատեր Աքքումիի դիակն է:
Նշենք նաեւ, որ տեղեկատուական աղբիւրներ հաստատեցին, որ բանակը երէկ երեկոյեան արգիլած է ահաբեկիչներու խմբակի մը մուտքը Ուատի Հմայտէն Արսալ: Լիբանանեան բանակը յաջողած է ետ մղել զինեալ այդ խմբաւորումը:


