Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու նիստին պէտք է հրաւիրել նախքան 10 նոյեմբերը` նկատի ունենալով, որ խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը կ՛աւարտի 21 նոյեմբերին:
Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ խորհրդարանի նախագահը խորքին մէջ կը մերժէ երկարաձգել խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը, սակայն նկատի ունենալով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կեցուածքը, ապա ան պարտադրուած կը զգայ այդ քայլին դիմելու:


