Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալամ Ընդունեց Բանակի Հրամանատարը

October 25, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զօր. Քահուաժի եւ վարչապետ Սալամ
Զօր. Քահուաժի եւ վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ապահովական իրադարձութիւններն ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով բանակին ի գործ դրած ջանքերը:

Հանդիպումին ընթացքին զօր. Քահուաժի վարչապետին ներկայացուց Տըննիէի գործողութեան մանրամասնութիւնները, որոնց իբրեւ հետեւանք սպաննուեցան երեք ահաբեկիչներ եւ ձերբակալուեցաւ չորրորդ մը:

Զօր. Քահուաժի յայտնեց, որ այդ ահաբեկիչներուն ձերբակալումով կարելի եղաւ հիւսիսային Լիբանանը փրկել ահաբեկչական վտանգաւոր այլ գործողութիւններէ, որոնք կազմակերպուած եւ կազմակերպուելու ընթացքին մէջ էին:

Զօր. Քահուաժի վարչապետ Սալամին ներկայացուց նաեւ Միացեալ Նահանգներ կատարած իր այցելութեան արդիւնքները եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առումով միջազգային ուխտին մաս կազմող սպաներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:

Քննարկուեցան նաեւ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու առումով ի գործ դրուած ջանքերը:

Այս շրջագիծին մէջ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը երեկոյեան հաղորդեց, թէ լիբանանեան բանակի հրամանատարը վարչապետին ներկայացուցած է Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Խալետ Տահերի անձեռնմխելիութիւնը չեղեալ նկատելու պահանջը` նկատի ունենալով, որ ան ուղղակիօրէն առնչուած է Տըննիէի ահաբեկչական բջիջին:

Զօր. Քահուաժիի Այցելուները

Զօր. Քահուաժի - Ուիամ Ուահապ
Զօր. Քահուաժի – Ուիամ Ուահապ

Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ զօր. Քահուաժիի հետ:

Հաղորդակցութեան ընթացքին Սլէյման ողջունեց բանակին կողմէ կատարուած Ասունի գործողութիւնը` կոչ ուղղելով լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն զօրակցելու լիբանանեան բանակին, որ ճիգ չի խնայեր պաշտպանելու Լիբանանը:

Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանան իր բանակով եւ անոր զօրակցող իր ժողովուրդով պիտի ըլլայ ահաբեկչութեան գերեզմանը եւ պիտի յաջողի հոն, ուր ձախողեցան ուրիշները` ՏԱՀԵՇ-ը եւ անոր նմանները տապալելու իմաստով:

Նշենք, որ զօր. Քահուաժիի այցելեցին պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաա եւ Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ, որոնք շնորհաւորեցին զայն Տըննիէի գործողութեան առիթով:

 

Նախորդը

Հանրապետութեան Միւֆթին Կոչ Ուղղեց Սահմանադրական Հաստատութիւններուն Կառչած Մնալու

Յաջորդը

Խորհրդարանի Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգելու Նիստին Պէտք Է Հրաւիրել Նախքան 10 Նոյեմբերը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.