Ամերիկեան «Պոյինկ» ընկերութիւնը Նիւ Եորքի սակարանին ուղղուած փաստաթուղթի մը մէջ յայտարարեց, որ օդանաւերու նորոգութեան առնչուած սարքեր ծախած է Իրանին:
Օդանաւեր արտադրող ընկերութիւնը յայտնեց, որ իրանեան «Իրան Էր» օդանաւային ընկերութեան ծախած է օդանաւերու համար ցուցմունքի գրքոյկներ` օժանդակելու համար իրանեան քաղաքային թռիչքներու ապահովութեան բարելաւման աշխատանքին:
«Պոյինկ» իր զեկուցումին մէջ նշեց, որ 2014-ի երրորդ քառամսեակին ընթացքին «Իրան Էր»-ի ծախած է 120 հազար տոլար արժողութեամբ գրքոյկներ, քարտէսներ եւ թռիչքի զեկուցումներ, որոնցմէ ընկերութիւնը ապահոված է 12 հազար տոլարի շահ մը:


