Քրտական աղբիւրներ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ Փեշմերկաները յառաջիկայ երկու օրուան ընթացքին պիտի հասնին Արաբ Բունար եւ այդ ուժը պիտի գործէ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերու հրամանատարութեան տակ:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նախապէս յայտնած էր, որ ինք տեղեակ դարձած է, որ վերջերս գոյացած է համաձայնութիւն մը, ըստ որուն, 200 փեշմերկաներ հիւսիսային Իրաքէն Թուրքիոյ տարածքին ճամբով պիտի անցնին Արաբ Բունար` մասնակցելու համար քաղաքի պաշտպանութեան մարտերուն:
Էրտողան երէկ նաեւ յայտարարեց, որ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը համաձայն գտնուած է, որ Սուրիական ազատ բանակի 1300 անդամներ մուտք գործեն Արաբ Բունար եւ մասնակցին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռիւին: «Այժմ կը շարունակուին բանակցութիւնները, թէ ինչ ճամբով անոնք կրնան այդտեղ հասնիլ», ըսաւ ան: Սակայն քաղաքի ինքնակառավարման մարմինէն պաշտօնատարներ երէկ հերքեցին Էրտողանի այս յայտարարութիւնը` աւելցնելով, որ եթէ Սուրիական ազատ բանակը Արաբ Բունարին օժանդակելու հարցով անկեղծ ըլլար, «մեր վրայ ճնշումը թեթեւցնելու համար Մընպեժի եւ Պապի մէջ ճակատներ կը բանար»:
Երէկ Արաբ Բունարի մէջ բուռն բախումները շարունակուեցան: ՏԱՀԵՇ երէկ վերագրաւած էր Շահիր բլուրը, սակայն քիւրտ զինեալները շուտով վերատիրացան անոր: Ամերիկացի պաշտօնատարներ յայտարարեցին, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէպի քաղաք յառաջխաղացքը կասեցուած է եւ հաւանական նկատեցին, որ քիւրտ զինեալները ամերիկեան օդային հարուածներու օժանդակութեամբ կրնան դիմադրութիւնը շարունակել: Փենթակոնէն պաշտօնատար մը յայտնեց, որ երկու կողմերուն միջեւ գտնուող շփման գիծը մէկ շաբաթէ ի վեր փոփոխութեան չէ ենթարկուած:
Մինչ այդ, Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլեմ յայտնեց, որ Արաբ Բունարի հասած օժանդակութիւններն ու դաշնակից ուժերուն ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ կատարած յարձակումները բաւարար չեն քաղաքին մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը փոխելու:
Մուսլեմ Թուրքիան ամբաստանեց ՏԱՀԵՇ-ին ուղղակի կամ անուղղակի կերպով իր աջակցութիւնը շարունակելուն յանցանքով: Ան ըսաւ, որ թուրք պաշտօնատարները երկերես են` անոնք բան մը կ՛ըսեն եւ ուրիշ բան կ՛ընեն:
Միւս կողմէ, թրքական հրասայլերը երէկ քանի մը առիթներով ռմբակոծեցին Արաբ Բունար քաղաքի կեդրոնը եւ արեւելեան շրջանները, ամէն անգամ որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ այդտեղէն արձակուած ռումբեր ինկան թրքական հողամասերուն վրայ:


