
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի օգնական Թոմաս Մելիա «Ամերիկայի ձայն»-ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ իր ներկայացուցած կառոյցը «Ազրպէյճանի հետ կարծր բանակցութիւններ կը վարէ արտասահմանեան եւ տեղական ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու դէմ հալածանքներու քաղաքականութեան իրականացման անթոյլատրելիութեան» շուրջ:
Ըստ Haqqin.az-ին, ուղղակիօրէն Ազրպէյճանի կառավարութեան ուշադրութիւնը հրաւիրուած է խնդիրին վրայ: Նշուած է, որ «երկրին երկարաժամկէտ կայունութեան եւ զարգացման երաշխիքը քաղաքացիներուն բոլոր ասպարէզներու մէջ ազատութիւն ապահովելն է»:
Ամերիկացի դիւանագէտը Ազրպէյճանին խորհուրդ տուած է աւելի հանդուրժող ըլլալու իր քաղաքացիներուն նկատմամբ:
Ալիեւ Համաներում Յայտարարած Է
Kontakt.az կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 17 հոկտեմբերին 84 մարդու համաներելու մասին հրամանագիր ստորագրած է: Ըստ փաստաթուղթին, 80 ազատ արձակուածներու շարքին կան Թուրքիոյ, Իրանի եւ Փաքիստանի քաղաքացիներ: Եւս մէկ մարդ ազատ կացուցուած է պայմանական պատիժէ, երկուքը` ուղղիչ աշխատանքներէ եւ մէկ ուրիշը` տուգանքէ:
Համաներուած անձերէն երեքը իրաւապաշտպաններու կողմէ քաղաքական բանտարկեալ նկատուած անձեր են` ՆԻՏԱ շարժումի երիտասարդ գործիչներ Պախթիար Կուլիեւ, Շահին Նովրուզլու եւ Էլսեւեր Մուրսալի:
Ներումի արժանացած է նաեւ Գանձակի մէջ գործող հասարակական կազմակերպութիւններէն մէկուն ղեկավարը` Հասան Հուսէյնլի:
Ներկայիս Ազրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու թիւը կը շարունակէ շուրջ 100 մնալ:


