
Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ նախագահ Վլատիմիր Փութին պատրաստ է հանդիպելու Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի:
«Վրացական կողմէն պէտք է համապատասխան քաղաքական կամք ըլլայ: Նախագահը պէտք է իր խօսքը ըսէ: Փութին հասկնալի կերպով յայտարարած է, որ եթէ Վրաստանէն ազդանշան ստանայ, հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ», յայտարարած է Փեսքով` վրացական «Իմետի» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Վրաստանի նախագահի նախկին խորհրդական Վանօ Մաչաւարիանի նախապէս յայտարարած էր, որ նախագահական գրասենեակին մէջ կը պատրաստուէր Մարկվելաշվիլիի հանդիպումը Փութինի հետ, սակայն անիկա տեղի չէ ունեցած:
Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու հարցերով Վրաստանի վարչապետի յատուկ ներկայացուցիչ Զուրապ Ապաշիծէ յայտնած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Կրիկորի Քարասինի հետ իր երկխօսութեան ձեւաչափը վերատեսութեան ենթակայ չէ:
Վրաստանի նախագահը նախապէս յայտարարած էր Ռուսիոյ հետ ողջախոհ երկխօսութեան պատրաստակամութեան մասին:
Newsgeorgia.ru կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդական Թենկիզ Փխալածէ յայտնած է. «Ենթադրեալ հանդիպումը կրնայ կայանալ կամ քննարկուիլ գաղափարներու մակարդակի վրայ միայն մէկ պարագայի, եթէ ատիկա ըլլայ Վրաստանի շրջափակուած տարածքներէն ռուսական զօրքերու հեռացման հոլովոյթին սկիզբը»:
Ըստ անոր, որեւէ հանդիպում պէտք է կազմակերպուի «երկկողմանի ցանկութեան հիմամբ»: «Առնուազն պէտք է երկու կողմերու պատրաստակամութիւնը ըլլայ, որպէսզի որոշ բան լուծուի: Այն, որ Վրաստանը պատրաստ է կառուցողական երկխօսութեան, մենք շատ երկար կ՛ապացուցենք: Այդ մասին բազմիցս ըսուած է տարբեր միջազգային ասպարէզներու մէջ, սակայն, ցաւօք, Ռուսիոյ կողմէ նման պատրաստակամութիւն չկայ», նշած է նախագահի խորհրդականը:


