Առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները կառավարութեան 48 ժամուան ժամկէտ մը ճշդեցին իրենց զաւակներուն ազատ արձակումին առումով` շեշտելով, որ եթէ զարգացում մը չարձանագրուի, ապա չորեքշաբթի զայրոյթի օր պիտի դառնայ:
Անոնք յայտարարեցին, որ իրենք պաշտօնապէս խզած են լիբանանեան քաղաքական եւ զինուորական իշխանութիւններուն հետ բանակցութիւնները` նկատի ունենալով, որ այդ իմաստով դրական ոչինչ արձանագրուած է:
Միւս կողմէ, Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավարութիւնը ստանձնած է Նեմրուտ անունով անհատ մը, որ Սուրիոյ Քուսէյր շրջանի բնակիչներէն է:


