Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Սուրիացի Գաղթականներուն Յատուկ Նախարարական Յանձնախումբի Նիստին

October 21, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախարարական յանձնախումբի նիստէն պահ մը
Նախարարական յանձնախումբի նիստէն պահ մը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն յատուկ նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս եւ աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի:

Նիստէն ետք Տըրպաս յայտնեց, որ սուրիացի գաղթականներուն Լիբանան մուտքը վերջնականապէս պիտի դադրեցուի` աւելցնելով, որ լիբանանեան-սուրիական սահմանները պիտի չփակուին, բացի եթէ արտակարգ պայմաններ տիրեն:

Տըրպաս ըսաւ, որ տեղահանուած սուրիացիներուն Լիբանան մուտքը պէտք է կասեցուի, որովհետեւ Լիբանան չի կրնար յաւելեալ գաղթականներ հանդուրժել:

Ան նշեց նաեւ, որ Լիբանան գաղթելու պատճառները իրենց կարգին վերջ գտած են, որովհետեւ լիբանանեան սահմանին մօտակայ շրջաններուն մէջ բախումներ չկան:

Տըրպաս աւելցուց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ գտնուող տեղահանուած սուրիացիներուն կացութիւնը պարագայ առ պարագայ պիտի սերտուի եւ պիտի որոշուի, թէ որո՛նք գաղթական կը նկատուին եւ որոնք` ոչ:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխաններ Ահմետ Ֆաթֆաթը եւ Ռոպեր Ֆատելը, որոնց հետ քննարկեց Հիւսիսային Լիբանանի վերաբերող ընկերային հարցեր:

Հանդիպումներուն ընթացքին շեշտուեցաւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ օդերեւութական աննպաստ պայմաններուն եղանակին գործած աւերները հատուցելու, ինչպէս նաեւ աղքատութեան վերջ մը տալու լուծումները:

 

Նախորդը

Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները Երկու Օրուան Պայմանաժամ Կը Ճշդեն, Իսկ Արսալի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Ղեկավարութիւնը Կը Ստանձնէ Նեմրուտ

Յաջորդը

Ապու Ֆաուր. «Լիբանանի Մէջ Որեւէ Երկրէ Աւելի Հաւանականութիւն Կայ Իպոլա Ժահրով Վարակման Դէպքերու»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.