
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի մարդասիրական աշխատանքներու համադրող Ռութ Մաունթընը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան ժամանած սուրիացի գաղթականներուն հարցերը:
Մաշնուքի այցելեց նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանօ: Քննարկուեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը:


