Հայաստան աւանդաբար կը մասնակցի Ֆրանքֆորթի գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին, որ ներկայացուած երկիրներու եւ մասնակիցներու թիւով մեծագոյնն է աշխարհի մէջ: Այս տարի եւս 8-12 հոկտեմբերին Հայաստան առանձին տաղաւարով մասնակցեցաւ Ֆրանքֆորթի գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին: Հայաստանեան տաղաւարին մէջ ներկայացուած էին պետական աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ մասնաւոր հրատարակութիւններու կողմէ վերջին տարիներուն հրատարակուած լաւագոյն նմուշները: Առանձին հատուածով մը ներկայացուեցան նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող վերջին տարիներուն հրատարակուած գիրքերը:
Ցուցահանդէսի շրջանակներուն մէջ 11 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահան Յովհաննիսեանի «Մանտիլիոն» գիրքի հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն հրատարակութիւններու շնորհահանդէսը, ինչպէս նաեւ հայկական խոհանոցի վերաբերեալ գերմաներէն հրատարակութեան շնորհահանդէսը: 12 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ «Մարդասիրութիւնը եւ գրականութիւնը» խորագիրով քննարկում, որուն ընթացքին խօսուեցաւ ցեղասպանութիւնները կանխելու գործին մէջ գրականութեան դերին մասին: Քննարկման ընթացքին ելոյթով հանդէս եկան թրքական «Պելկէ» հրատարակութեան ղեկավար Ռակըփ Զարաքոլու եւ թուրք գրող Կիւլչիչեք Կիւնել Թեքինը, որ եւս յայտնի է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր ստեղծագործութիւններով:
Հայաստանեան պատուիրակութեան կազմին մէջ են Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր Վարդանեան, «Զանգակ», «Անտարես», «ԵՊՀ» հրատարակչութիւններու ղեկավարները, «Գիրքի եւ հրատարակչական գործի» կեդրոնի ներկայացուցիչները եւ այլ մարզի մասնագէտներ: Հայաստանեան պատուիրակութիւնը հանդիպում պիտի ունենայ Մայնի Ֆրանքֆորթի եւ յարակից երկրամասին մէջ ապրող հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Իր գիրքին շնորհահանդէսին առիթով Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահան Յովհաննիսեան իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրեց. «Հէնց նոր ներկայացրեցի «Մանտիլիոն»-ի անգլերէն, ռուսերէն եւ հայերէն տարբերակներն աշխարհի ամենամեծ եւ կարեւորագոյն գրքի ցուցահանդէսում` Ֆրանքֆորթեր Պիխմեսսէում:
Ամէն տարի, ցուցահանդէսն հիւրընկալում է աւելի քան 7000 ցուցադրող աւելի քան 100 երկրներից, ինչպէս նաեւ հարիւր հազարաւոր այցելուներ ու գրական բնագաւառի մասնագէտներ»:


