
Լիբանանի քիւրտերը երէկ առաւօտեան կատարեցին բազմամարդ բողոքի ցոյց մը, որ սկսաւ Քոլայի հրապարակէն եւ հասաւ ԷՍՔՈՒԱ-ի կեդրոն:
Քիւրտերը զօրակցութիւն յայտնեցին Արաբունարին եւ բողոքեցին ՏԱՀԵՇ-ի եւ անոր գործած ահաբեկչութիւններուն դէմ:
Ցուցարարները պահանջեցին դէպի Արաբունար ապահով անցքեր բանալ եւ կոչ ուղղեցին ճնշում բանեցնելու թրքական կառավարութեան վրայ` նկատի ունենալով, որ ան կը ձերբակալէ Արաբունարը պաշտպանող երիտասարդները:
«Թրքական իշխանութիւնները սուրիական յեղափոխութեան սկիզբէն մինչեւ օրս ահաբեկչական խմբաւորումներուն զօրակցելու ընդմէջէն ժխտական դերակատարութիւն ունեցան` ապահովելու համար իրենց շահերը: Թուրքիա ՏԱՀԵՇ-ի գործողութիւնները դիւրացուց` այդ խմբաւորումին տրամադրելով մարզումի յատուկ շրջաններ, դարմանելով անոր վիրաւորները եւ քարիւղ գնելով անկէ», շեշտեցին ցուցարարները:
Ցուցարարներուն անունով շեշտուեցաւ, որ անհրաժեշտ է զգուշանալ մեզ շրջապատող վտանգներէն` ընդգծելով, որ թշնամին ժողովրդավարութեան դէմ է եւ աւելցնելով, որ ահաբեկչութիւնը միայն սպանութեան եւ քանդումի լեզուէն կը հասկնայ:
«Ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ անոր աղբիւրները չորցնելու նպատակով պէտք է համախմբուիլ, իսկ Արաբունարի մէջ պատահածը չարի եւ բարիի պայքար է, հետեւաբար Արաբունարը պիտի ըլլայ համաշխարհային ահաբեկչութեան գերեզմանը», ըսին ցուցարարները:
Անոնք պահանջեցին ազատ արձակել Ապտիւլլա Օճալանը եւ ողջունեցին լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը:


