Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ երէկ առաւօտեան Այտամունի մէջ կատարուած ներխուժումներուն ընթացքին սուրիացի մը` Ֆուատ Արուր անունով, ձեռնառումբով մը թիրախ դարձուցած է յանցագործներ ձերբակալելու նպատակով այդ գործողութիւնը կատարող բանակի ջոկատը:
«Բանակայիններ կրակեցին խնդրոյ առարկայ անձին վրայ եւ սպաննեցին զայն: Արուրի ընկերակցող երկու այլ սուրիացիներ` Մուսթաֆա Ապտել Քերիմ Ալի եւ Իպրահիմ Հիւսէյն Ապպաս, ձերբակալուեցան եւ անոնցմէ գրաւուեցան երկու այլ ձեռնառումբեր», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Բանակի հրամանատարութիւնը նշեց նաեւ, որ Աքքարի Մընիարա գիւղաքաղաքին մէջ ձերբակալած է 19 այլ սուրիացիներ:
Միւս կողմէ, Ֆնայտեքի քաղաքապետարանը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ լիբանանեան բանակէն անջատուելու եւ ՏԱՀԵՇ-ի միանալու մասին զինուոր Ապտել Քատեր Աքումիի յայտարարութեան հետ կարելի չէ լուրջ վերաբերիլ, որովհետեւ ան հոգեկան խանգարումէ կը տառապի եւ արդէն իսկ երեք ամիսէ ի վեր բանակէն փախուստ տուած է ու դադրած բանակային ըլլալէ:
Ֆնայտեքի քաղաքապետարանը հաստատեց, որ Աքումիի հայրը եւ եղբայրը նոյնպէս բանակայիններ են, սակայն Ապտել Քատեր Աքումի հոգեկան հարցերէ կը տառապի:
Ֆնայտեքի քաղաքապետարանը կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց կառավարութեան ազատ արձակելու առեւանգուած զինուորները, որոնց մէջ կը գտնուին նաեւ Ֆնայտեքէն երկու զինուորներ:
Ֆնայտեքի քաղաքապետարանը կոչ ուղղեց կառավարութեան յանդուգն կեցուածք որդեգրելու, իսկ Հըզպալլայէն եւ Սուրիոյ պատերազմին մասնակցող այլ քաղաքական ուժերէ` հեռանալու Սուրիայէն, որպէսզի ահաբեկչութեան վտանգը հեռանայ Լիբանանէն:


