Նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ այսօր կը մեկնի Պիելոռուսիոյ Հանրապետութիւն` մասնակցելու համար Մինսքի մէջ տեղի ունենալիք ԱՊՀ-ի մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու եւ Եւրասիական տնտեսական գերագոյն խորհուրդի նիստերուն:
Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ այսօր տեղի կ՛ունենան ԱՊՀ-ի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան վեհաժողովները: Հայաստանցիներուն համար հիմնականը համարկումն է` արդեօք Հայաստան կը միանա՞յ Եւրասիական միութեան, արդեօք այս միութեան անդամ Պիելոռուսիա եւ Ղազախստան կ՛ընդունի՞ն Հայաստանը, թէ՞ անդամակցութեան հոլովոյթը կրկին կը ձգձգուի:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, անցեալ ամսուան աւարտին հրապարակած էր Եւրասիական տնտեսական միութեան երկրի անդամակցութեան մասին համաձայնագիրի նախագիծը:
Ըստ Քրեմլինի հաղորդագրութեան, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւս այսօր կը հասնի Մինսք: Հաղորդագրութեան մէջ չէ նշուած, թէ Եւրասիական տնտեսական գերագոյն խորհուրդի նիստին նախատեսուա՞ծ է Հայաստանի անդամակցութեան մասին որեւէ փաստաթուղթի ստորագրում:
Ռուսական եւ պիելոռուսական աղբիւրները կը գրեն, որ Խըրխըզիստան անդամակցութեան մասին համաձայնագիր պիտի չստորագրէ այսօր, իսկ Հայաստանի ճակատագիրն ալ Մինսքի մէջ պիտի որոշեն Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուկաշենքօ եւ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ:
Եւրասիական տնտեսական միութիւնը պիտի սկսի գործել 2015 թուականի յունուարէն:
Ուշաքով Կը Հաստատէ
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով լրագրողներուն յայտնած է, որ Հայաստան 1 յունուար 2015-ին պիտի միանայ Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի Եւրասիական տնտեսական միութեան: Համապատասխան համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի այսօր Մինսքի մէջ` Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին:
«Խօսքը Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու վերաբերեալ համաձայնագիրի ստորագրման մասին է, որպէսզի Հայաստանը 1 յունուար 2015-էն կարենայ դառնալ միութեան լիիրաւ անդամ», ըսած է Ուշաքով:
Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի նաեւ Վիեթնամի, Իսրայէլի, Հնդկաստանի եւ Եգիպտոսի հետ համագործակցութեան ընդլայնման հարցը:
Ռուսիոյ նախագահի օգնականը նշած է, որ Մինսքի հանդիպումին պիտի մասնակցին Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի, Հայաստանի եւ Խըրխըզիստանի նախագահները:
Մայիսին Պիելոռուսիան, Ռուսիան եւ Ղազախստանը Եւրասիական տնտեսական միութեան ստեղծման մասին փաստաթուղթ ստորագրած էին: Եւրասիական տնտեսական միութիւնը կը նկատուի միջազգային իրաւական ենթակայութիւն ունեցող շրջանային տնտեսական համարկման միջազգային կազմակերպութիւն:


