Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը եռօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ այսօր Միացեալ Նահանգներ կը մեկնի:
Ըստ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան, Ուաշինկթընի մէջ վարչապետը պիտի մասնակցի Համաշխարհային դրամատան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտի տարեկան լիագումար նիստին:
Այցելութեան ծիրին մէջ նաեւ նախատեսուած են երկկողմանի հանդիպումներ Համաշխարհային դրամատան, Միջազգային դրամական ֆոնտի եւ միջազգային ելեւմտական այլ կառոյցներու ղեկավարներուն հետ:
Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հայաստանի դեսպանատան մէջ պիտի մասնակցի Հայաստանի անկախութեան վերականգնման տարեդարձին նուիրուած ընդունելութեան, ինչպէս նաեւ պիտի տեսակցի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:


