Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ ուղղած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային ուշադրութիւն դարձնելու սուրիական տագնապին մէջ Թուրքիոյ խուսանաւումներուն, որովհետեւ Թուրքիա ուղղակի եւ անուղղակի կերպով կ՛աջակցի ՏԱՀԵՇ-ին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»: Յանձնախումբը նշած է, որ այդպիսով Թուրքիա կը շարունակէ իր հարիւրամեայ ցեղասպան գործելաոճը, որ նպատակ ունի ոչնչացնել իր երկրին մէջ կամ երկրի սահմաններուն մօտ բնակող քիւրտերը, հայերը, արաբները, ասորիները, ալեւիները եւ միւս ցեղային փոքրամասնութիւնները:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ Սպիտակ տուն ուղարկուած նամակին մէջ յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան յորդորած է Օպաման ՏԱՀԵՇ-ին դէմ մղուող պայքարէն բացի կանգնեցնելու Թուրքիան, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ ահաբեկիչները կ՛օգտագործէ իբրեւ զինուորներ իր նոր օսմանական քաղաքականութիւնը իրականացնելու եւ փոքրամասնութիւնները ոչնչացնելու, իր շրջանային ազդեցութիւնը աւելցնելու եւ սահմանները ընդլայնելու համար: Խաչիկեանի խոր համոզումով` այս բոլորը կը հակասեն Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին հիմնարար սկզբունքներուն:
«Պարո՛ն նախագահ, մենք Թուրքիոյ վերաբերեալ սուտերու կարիքը չունինք եւ ոչ ալ պարտաւոր ենք կրաւորական կերպով ընդունիլ անոր թափանցիկ սուտ ժխտումները: Արաբունարի (Այն Արապ), Տէր Զօրի, Հալէպի, Քեսապի եւ Սուրիոյ հիւսիսային հատուածներուն մէջ Անգարայի աճող բռնութեան վրայ աչք փակելու փոխարէն, մենք պէտք է յամառինք, որ Թուրքիա դադրեցնէ իր աջակցութիւնը ՏԱՀԵՇ-ին, վերջ դնէ Սուրիոյ մէջ իր միջամտութեան եւ առանց նախապայմաններու բանայ իր սահմանը», նամակին մէջ գրած է Քեն Խաչիկեան:


