
Հայաստանի բանակի ընդհանուր հրամանատար, զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրով նախանցեալ օր տեսակցեցաւ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութեան նոր նշանակուած զինուորական կցորդ, գնդապետ Հոսէյն Վահիտի Շէյխին հետ:
Կողմերը քննարկեցին հայ-իրանեան ռազմաքաղաքական համագործակցութեան վերաբերող, երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող, ինչպէս նաեւ շրջանային խնդիրներուն եւ տագնապներուն լուծման առնչուող հարցեր:
Խաչատուրով գնդապետ Հոսէյն Վահիտի Շէյխին յաջողութիւն մաղթեց Հայաստանի մէջ անոր ապագայ ծառայութեան ընթացքին:


