
Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգօ Կարապետեան իր ռուս պաշտօնակից Նիքոլայ Ֆիոտորովի հրաւէրով եռօրեայ այցելութեամբ հասաւ Մոսկուա:
Կարապետեան կը մասնակցի համառուսական ցուցահանդէսի համալիրին մէջ 8-11 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք «Ոսկիէ աշուն-2014» երկրագործական- պարենային ապրանքներու տասնվեցերորդ միջազգային ցուցահանդէսի պաշտօնական բացման արարողութեան:
Ցուցահանդէսին կը մասնակցին աշխարհի աւելի քան 25 երկիրներու եւ Ռուսիոյ 70 շրջաններու ներկայացուցիչներ: Հայկական տաղաւարին մէջ պիտի ներկայացուին հայաստանեան աւելի քան 15 ընկերութիւններու երկրագործական տարբեր արտադրութիւններ եւ մթերքներ:
Այցելութեան ընթացքին Ս. Կարապետեան կը մասնակցի «ԱՊՀ երկրագործական- պարենային շուկայ. համարկում, ներդրումներ եւ հեռանկարներ» բնաբանով երկրորդ միջազգային ներդրումային երկրագործական խորհրդաժողովին: Նաեւ նախատեսուած է առանձին տեսակցութիւն Ռուսիոյ գիւղատնտեսութեան նախարարին հետ:


