Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Ընկերութիւնը Հակառակորդի Արձակազէններուն Դէմ Սարք Կը Պատրաստէ

October 9, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1007_locatorՀայկական «Լոքաթոր» ընկերութիւնը հակառակորդի զինեալ ուժերու արձակազէններուն դէմ սարք կը պատրաստէ: Այս մասին News.am-ի թղթակիցին յայտնած է «Լոքաթոր»-ի ծրագիրի ղեկավարը «ՏիճիԹեք» ճարտարագիտական ցուցահանդէսի ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ 3-5 հոկտեմբերին: Ցուցահանդէսին ընթացքին ընկերութիւնը ներկայացուց մարզումի գնդացիրի բնորդ մը` արդէն գործող համակարգով:

«Տուեալ խնդիրը մեր մօտ է, որովհետեւ մենք կը զբաղինք ինքնաշխատ կառավարման համակարգերով: Սահմանին վրայ ամրան իրադարձութիւններէն ետք մենք որոշած ենք հակառակորդի արձակազէններուն արժանի պատասխանի համակարգ ստեղծել: Երկար ժամանակ չէ անցած, բայց արդէն երկու ամիս է կ՛աշխատինք պաշտպանութեան նախարարութեան հետ: Սարքը արդէն ձայնային ռատար ունի, որուն միջոցով կրակը կարելի կ՛ըլլայ ուղղել հակառակորդին կրակոցին ուղղութեամբ: Նկատի առնելով այն, որ արձակազէնները, իբրեւ կանոն, առաջին գիծէն հեռու կը տեղակայուին եւ զանոնք կարելի չէ շարժումով յայտնաբերել, մենք ընտրած ենք այսպիսի տարբերակ: Սակայն տեսականօրէն զէնքի վրայ կարելի է տարբեր տեսակի յայտնաբերիչներ տեղադրել»,  աւելցուցած է «Լոքաթոր»-ի  ներկայացուցիչը:

«Նման մշակումներ անշուշտ նաեւ կան արտասահմանի մէջ, սակայն շատ աւելի սուղ  են, եթէ ընդհանրապէս կը վաճառուին: «Մեչ» սարքը քանի մը անգամ աւելի աժան է եւ նախատեսուած է մեր բնական պայմաններուն համար», նշած են պաշտօնեաները:

Այն հարցումին, թէ ընկերութիւնը ինչո՞ւ որոշած է հրապարակել նման նախագիծ, «Լոքաթոր»-ի մէջ նշած են, որ ատիկա կ՛օգնէ հասարակութեան վստահութիւն ներշնչել: «Մենք որոշած ենք ցոյց տալ, որ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի նման համակարգ, նման մշակող: Մեր երկրին մէջ շատ լաւ մասնագէտներ կան, եթէ մենք միասին աշխատինք, նախագիծերը կրնան արտադրութեան վերածուիլ: Ներուժը ակնյայտ է», յայտարարած են «Լոքաթոր»-ի պաշտօնեաները:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Գիւղատնտեսութեան Նախարարը Մոսկուա Կ՛այցելէ

Յաջորդը

Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Յակոբ Ինջիղուլեանը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.