
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ երէկ կէսօրին Էլիզէի պալատին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ Հոլլանտի հետ հանդիպումը բաւական լաւ ընթացած է` աւելցնելով, որ Լիբանանի մասին իրենց տեսակէտները յստակ էին:
Հարիրի նշեց, որ Ֆրանսայի նախագահին հետ քննարկած է նաեւ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուած մէկ միլիառ տոլարի օժանդակութիւնը:
Հարիրի ընդգծեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը Մուսթաքպալ հոսանքին եւ լիբանանցիներուն համար առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ իրենց համար նախագահական ընտրութիւնը պէտք է կատարուի նախքան երեսփոխանական ընտրութիւնները:
«Իսկ եթէ երեսփոխանական ընտրութիւնները նախագահականէն առաջ պիտի կատարուին, ապա անոնք թող կատարուին առանց Մուսթաքպալ հոսանքին մասնակցութեան», շեշտեց ան:


