Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըզպալլա Կը Ստանձնէ Մազարեհ Շեպաայի Մէջ Իսրայէլեան Ուժերու Ջոկատը Ականահարելու Գործողութեան Պատասխանատուութիւնը

October 8, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

1007_israeli_soldiersՀըզպալլա երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:22-ին Դիմադրութեան «Ալի Հասան Հայտար» խմբաւորումը Շեպաայի բարձունքներուն վրայ ականահարումի թիրախ դարձուցած է իսրայէլեան շրջուն ջոկատ մը, որուն պատճառով վիրաւորուած են իսրայէլացի զինուորներ:

Այլ խօսքով` Հըզպալլա ստանձնեց ականահարումի պատասխանատուութիւնը:

Ըստ իսրայէլեան աղբիւրներու, արձանագրուած են երկու վիրաւորներ, մինչ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ականահարումին պատճառով վիրաւորուած են երեք իսրայէլացի զինուորներ:

Իբրեւ պատասխան այս գործողութեան, իսրայէլեան ուժեր ամբողջ մէկ ժամ ռմբակոծեցին հարաւային Լիբանանի կարգ մը շրջաններ, ինչպէս` Քֆարշուպան, Հըպպարիէն եւ Շեպաան, ինչպէս նաեւ իրենց օդուժով թռիչքներ գործեցին հարաւային Լիբանանի վերեւ:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու շեշտեց, որ իսրայէլեան ուժերը Մազարեհ Շեպաայի մէջ գործուելիք քանդիչ արարք մը ձախողեցուցած են` սպառնալով խիստ պատասխան մը տալ:

Իր կարգին, իսրայէլեան բանակի բանբեր Աֆիխայ Ատրահի նշեց, որ իսրայէլեան ուժերը ականահարումի թիրախ դարձնելու այդ արարքին պատասխանատու են Լիբանանի կառավարութիւնն ու Հըզպալլան` վերջինս նկատելով ահաբեկչական կազմակերպութիւն:

Ատրահի շեշտեց, որ այդ արարքը վտանգաւոր է եւ Իսրայէլի գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն կը նկատուի` աւելցնելով, որ իսրայէլեան բանակը որեւէ ատեն իրաւունք ունի պատասխանելու այդ արարքին:

Միւս կողմէ, հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեցին, որ Մազարեհ Շեպաայի մէջ պատահածը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին դէմ գործուած ոտնձգութիւն մըն է:

ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը այդ դէպքին մասին հետաքննութիւն մը բացին, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեցին երկու կողմերուն ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ լարուածութիւնը մեղմացնելու:

Նախորդը

Էլիզէի Մէջ . Ֆրանսայի Նախագահը Ընդունեց Սաատ Հարիրին

Յաջորդը

Թալէաթ Փաշա Կոմիտէն Կը Պատրաստուի 2015-ին

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.