
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ ինք Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, որուն հետ քննարկած է լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Ժեմայէլ յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին ընդգծուած է այս հանգրուանին Լիբանանը պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումներէն Լիբանանը հեռու պահելու կարեւորութիւնը:
Հարիրի ընդգծեց, որ իրենց միջեւ տեսակէտները համախոհական են` աւելցնելով, որ իրենց համար առաջնահերթութիւն կը մնայ նախագահական ընտրութիւնը` նախապատուութիւնը ընծայելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու թեկնածուին:
Ժեմայէլ ըսաւ, որ Հարիրիի հետ համաձայնած են նախագահական թափուր մնացած աթոռէն ուղղուիլ նախագահական ընտրութիւն եւ ոչ թէ անիշխանութիւն:


