
Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ լիբանանցիներէն ոմանք արտօնած են եւ դիւրացուցած Լիբանանէն Սուրիա եւ Սուրիայէն Լիբանան կարգ մը զինեալներու մուտքը` ապօրինի անցքերու միջոցով:
«Իսկ նիւթականի հմայքը նպաստած է այդ զինեալներուն իբրեւ գաղթական Լիբանան մուտք գործելուն: Նոյն ձեւով սուրիացի զինեալներ փոխադրուած են նաեւ Թուրքիա եւ Յորդանան, ուր գաղթակայանները արդէն իսկ պատրաստ էին», ըսաւ ան:
Ալի շեշտեց, որ սուրիական իշխանութիւնները պատրաստ են սուրիացի գաղթականներուն հարցով գործակցելու եւ աշխատանքը համակարգելու` ապահովելով բոլոր կարիքներն ու կոչ ուղղելով տեղեկատուական մարզին մէջ գործակցելու եւ ապատեղեկատուութեան վերջ տալու:
Ալի շեշտեց, որ սուրիացի գաղթականներուն տունդարձին իմաստով արձանագրուելիք գործակցութիւնը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն օգտին է, իսկ շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ Սուրիա չի փափաքիր իր քաղաքացիներուն վերադարձը, անճիշդ են:
Սուրիոյ դեսպանը հաստատեց, որ լիբանանեան եւ սուրիական բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը ահաբեկչութեան դէմ հարուած է` աւելցնելով, որ երկու բանակներուն միջեւ լռելեայն համագործակցութիւն կայ:


