
«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճոզեֆ Պայտըն Հարվըրտ համալսարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ Սուրիոյ մէջ գործող ահաբեկիչները, ներառեալ` Քայիտա խմբաւորման զինեալները, ֆինանսաւորում եւ այլ աջակցութիւն ստացած են շրջանին մէջ Ուաշինկթընի դաշնակիցներէն:
«Սուրիոյ մէջ մեր մեծագոյն խնդիրը շրջանի մեր դաշնակիցները եղած են: Թուրքերը հիանալի ընկերներ էին մեզի համար, ինչպէս նաեւ սէուտցիները, իմարաթցիները եւ միւսները: Սակայն անոնք ի՞նչ կ՛ընէին: Անոնք չափազանց կեդրոնացած էին անոր վրայ, որ տապալեն Պաշշար Ասատը եւ միջնորդաւորուած պատերազմ կը մղէին սիւննիներու եւ շիիներու միջեւ, անոնք հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ եւ տասնեակ հազարաւոր թոն զէնք ուղարկած են բոլոր անոնց, որոնք համաձայն էին պատերազմելու Ասատի դէմ», նշած է Պայտըն:
«Մարդիկ, որոնք կը ստանային այդ օգնութիւնը, Ժապհաթ Նուսրայի, Քայիտայի զինեալներ էին եւ աշխարհի այլ շրջաններէն ժամանած ծայրայեղական տրամադրութիւններով տարրեր: Կը մտածէք, թէ ես կը չափազանցե՞մ: Դուք նայեցէք` այդ ամէնը ինչի՞ յանգեցուցած է», ըսած է Պայտըն:
Այժմ, Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահին խօսքով` շրջանին մէջ Ամերիկայի դաշնակիցները գիտակցած են իրենց սխալը եւ համաձայնած մտնել Ուաշինկթընի ղեկավարած հակաահաբեկչական միջազգային դաշինքին մէջ:


