Իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թեհրանի Իմամ Խումէյնի միջազգային օդակայան էջք կատարած է աշխարհի մեծագոյն ճամբորդատար օդանաւը` «Էրպաս Էյ380»-ը:
Թեհրանի մէջ էջք կատարած 260 ճամբորդ տեղափոխող օդանաւը կը պատկանի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու օդանաւային ընկերութիւններէն մէկուն:
«Թեհրանի օդակայանը դարձած է աշխարհի վրայ 42-րդը, ուր այդ օդանաւը էջք կատարած է», ըսած է օդակայանի գլխաւոր տնօրէն Սայիտ Չալանտարի:
ԵԱՏՍ եւրոպական օդանաւաշինական ընկերութեան արտադրութիւնը եղող «Էրպաս Էյ380»-ը աշխարհի մեծագոյն ճամբորդատար օդանաւն է` թէ՛ չափերով, թէ՛ ուղեւորատարութեամբ:
Օդանաւը ստեղծուած է Եւրոպայի, Ասիոյ, Աւստրալիոյ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մեծ օդակայանները իրարու կապող միջցամաքամասային օդանաւային ընկերութիւններուն սպասարկելու համար:


