Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիա Պիտի Ջանայ Արգելք Հանդիսանալ, Որ ՏԱՀԵՇ Գրաւէ Քրտական Սահմանամերձ Քաղաքը» Ըսաւ Տաւութօղլու

October 4, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ահմեթ Տաւութօղլու
Ահմեթ Տաւութօղլու

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա իր կարելին պիտի ընէ արգելք հանդիսանալու համար, որ մեծամասնութեամբ քիւրտերով բնակուած Այն Արապ (Քոպանի) քաղաքը գրաւուի ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ:

«Պիտի չուզէինք, որ Քոպանին իյնար: Մեր կարելին պիտի ընենք ատիկա կանխարգիլելու համար», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մենք պիտի պաշտպանենք այնտեղ բնակող մեր քիւրտ եղբայրները, սակայն ատիկա քրտական հարցի կարգաւորման պէտք չէ կապել»: Նախապէս, ՔԱԿ-ի բանտարկուած ղեկավար Ապտուլլա Օճալան յայտարարեց, որ իր ղեկավարած կուսակցութեան եւ թրքական պետութեան միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթը վերջ պիտի գտնէ, եթէ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն արտօնուի Այն Արապի մէջ ջարդ գործել:

Թուրքիոյ վարչապետը լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին ընդգծեց. «Ոչ մէկ այլ երկիր կարողութիւնը ունի Սուրիոյ եւ Իրաքի  զարգացումներուն վրայ ազդելու: Նոյնպէս, ոչ մէկ այլ երկիր պիտի ազդուի մեզի չափ»:

Քրտական Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահաթթին Տեմիրթաշ` անդրադառնալով մէկ օր առաջ Տաւութօղլուի հետ իր ունեցած հանդիպումին, «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին յայտնած է. «Վարչապետ Տաւութօղլու մեզի ասիկա ըսաւ. «Չենք ուզեր, որ Քոպանին ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գրաւուի: Կը կարծենք, որ ՏԱՀԵՇ պէտք է արմատախիլ ըլլայ թէ՛ Քոպանիի մերձակայքէն եւ թէ՛ Իրաքի մէջ այլ շրջաններէ»: Ասոնք են կառավարութեան կեցուածքին փոփոխութեան առաջին արտայայտութիւնները», ըսաւ Տեմիրթաշ:

Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Նեճտեթ Էօզել Ատհայի տօնին առիթով ուղերձ մը յղեց Սուրիոյ մէջ գտնուող Սուլէյման Շահի դամբարանը պաշտպանող թուրք զինուորներուն` յայտնելով. «Պէտք չէ մոռնաք, որ դուք այդտեղ առանձին չէք: Մի՛ մոռնաք, որ թրքական մեծ ազգը, 76 միլիոն քաղաքացիներ ձեր թիկունքին են (…) Վստահ եղէք, որ մեր զինեալ ուժերը ձեր կողմէ որեւէ մէկ լուրի պարագային երկվայրկեանի մը մէջ ձեր մօտ պիտի ըլլան»:

Մինչ այդ, ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները գրաւեցին Քոպանի քաղաքի հարաւային եւ արեւելեան մուտքերը: Քրտական աղբիւրներ «Մայատին»-ի յայտնած են, որ այս զարգացումին լոյսին տակ ՔԱԿ քաղաքը պաշտպանելու համար ընդհանուր զօրակոչ յայտարարեց` աւելցնելով, որ Քրտական Ժողովրդավարական կուսակցութիւնը յայտնած է, որ քաղաքը չէ գրաւուած, սակայն ՏԱՀԵՇ քաղաքին հարաւը գտնուող Ալպալուր եւ Մինաս գիւղերը գրաւած է:

Ուաշինկթըն Կ՛ողջունէ Թուրքիոյ
Խորհրդարանի Որոշումը

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ ողջունեց Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ թրքական բանակի Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ուժ կիրարկելու լիազօրութիւնը տուող բանաձեւին որդեգրումը` զայն նկատելով «շատ դրական զարգացում» մը: «Պիտի շարունակենք թրքական կառավարութեան հետ խորհրդակցիլ այդ լիազօրութեան կիրարկման մանրամասնութիւններուն շուրջ, եւ զայն (որոշումը. «Ա.») մեծապէս կ՛ողջունենք», ընդգծեց Հէյկըլ:

Հէյկըլ անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտի ստեղծելու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կոչին նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ ներկայիս այդ մասին չեն մտածեր: «Կը շարունակենք թրքական կառավարութեան հետ բազմաթիւ ընտրանքներու մասին խօսիլ, սակայն այդ ընտրանքին համար ներկայիս ծրագիրներ չկան»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի իր կարգին որոշումին որդեգրումը ողջունելէ ետք յայտնեց. «Թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած ենք` քննարկելու համար Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի ներկայացուցած վտանգին դէմ դնելու համար մեր գործակցութիւնը յառաջ մղելու քայլերը»:

Մինչ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ժան Իվ Լոտրիան Թուրքիոյ` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ դաշինքին միանալը լաւ լուր մը նկատեց, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին մտահոգութիւն յայտնեց սուրիական հողերու վրայ թրքական որեւէ գործողութեան մը նկատմամբ: Ան քննադատեց շրջանին մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու գործելաոճը եւ կոչ ուղղեց, որ Թուրքիան կացութիւնը դէպի յոռեգոյնը ուղղելուն չնպաստէ:

Չաւուշօղլու վստահեցուց, որ Թուրքիա յանձնառու կը մնայ շրջանի երկիրներուն անկախութեան եւ գերիշխանութեան պահպանման:

Անգարայի մէջ Իրանի դեսպան Ռիտա Պիքտալի յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու լաւագոյն ձեւը Իրանի, Թուրքիոյ եւ շրջանային կարգ մը երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնն է` նշելով, որ ահաբեկչութեան սպառնալիքին դիմակայումը մէկ երկրի գործը չէ եւ շրջանի երկիրներուն համագործակցութեան կը կարօտի:

Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ անդրադառնալով Թուրքիոյ խորհրդարանի որոշումին յայտնեց, որ Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ մէջ որեւէ արարք թշնամական արարք մըն է: Ան նաեւ բացառեց, որ այդ պարագային ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը դատապարտէ Թուրքիոյ կողմէ այդպիսի արարք մը:

ՏԱՀԵՇ Կը Գլխատէ Բրիտանացի Լրագրող Մը

Երէկ ՏԱՀԵՇ յայտարարեց, որ գլխատած է բրիտանացի պատանդ լրագրող Ալեն Հեննինկը: Ահաբեկչական խմբաւորումը նաեւ սպառնաց գլխատել ամերիկացի այլ պատանդ մը:

 

Նախորդը

Պայտըն. «Սուրիոյ Մէջ Քայիտան Գումարներ Եւ Զէնք Ստացած Է Միացեալ Նահանգներու Դաշնակիցներէն»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.