Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արժանթինի Մէջ Կը Սկսի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Նուիրուած Միամեայ Արշաւը

October 3, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Խաչիկ Տէր Ղուկասեան
Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Արժանթինի հայ համայնքը արդէն ստեղծած է համայնքային յանձնախումբ, որուն որոշումով եւ նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենան Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկները: Տեղի պիտի ունենան քաղաքական, կրօնական, մշակութային եւ ակադեմական ձեռնարկներ: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցին ընթացքին Պուէնոս Այրեսի Սան Անտրեսի համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու դասախօս փրոֆ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան շեշտեց, որ ձեռնարկներուն նպատակն է քարոզչական լայն արշաւ նախաձեռնել ամբողջ տարուան ընթացքին, հարցին հանրային շեշտադրում տալու համար` նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ 2015 թուականին Արժանթինի մէջ տեղի պիտի ունենայ նախագահական ընտրութիւն:

«Համայնքային կազմակերպութիւնները, կեդրոնական ձեռնարկներէն բացի, ձեռնարկներ պիտի կազմակերպեն երկրի այլ հայաշատ քաղաքներուն մէջ: Արժանթինի հայ համայնքը կեդրոնական յանձնախումբին առաջարկած է ձեռնարկներուն մէջ ներառել Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ նախագահներ Ռաուլ Ալֆոնսինի եւ Նեսթոր Քիրչների անունով յուշատախտակներ զետեղելը` իբրեւ շնորհակալութիւն առաջինին` 1987 թուականին  ցեղասպանութիւնը հրապարակաւ ճանչնալու, իսկ երկրորդին` 2006 թուականին Արժանթինի խորհրդարանին ներկայացուցած ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնքը ընդունելու համար: Առաջարկը ընդունուած է, ուրեմն մենք ջանք պիտի թափենք, եւ մեր նպատակն է, որ Արժանթինի պատուիրակութիւնը մասնակցի 100-ամեակի պաշտօնական նախաձեռնութիւններուն», ըսաւ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան: Արժանթինի հայ համայնքը ուշադիր պիտի ըլլայ նաեւ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի իրականացուցած ժխտողականութեան փորձերուն եւ պիտի աշխատի  անոնց հակազդել: Ըստ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի, արժանթինցի հասարակութիւնը ծանօթ է Հայոց ցեղասպանութեան, կը դատապարտէ եւ կանգնած է հայ ժողովուրդի կողքին: Ճիշդ ատիկա է պատճառը, որ վերջին շրջանին շատ աշխուժացած է թուրք-ազրպէյճանական քարոզչութիւնը: «Պաքուի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը լուրջ եւ հետեւողական աշխատանք կը կատարէ Խոջալուն իբրեւ «Ցեղասպանութիւն» ճանչնալու ուղղութեամբ: Այս հարցին առնչութեամբ Ազրպէյճան աշխուժ քարոզչութիւն կը ծաւալէ հասարակական եւ քաղաքական շրջանակներու մէջ: Ուրեմն, ե՛ւ իբրեւ համայնք, ե՛ւ իբրեւ պետութիւն, պէտք է անընդհատ աշխատինք, այլապէս անոնց դրամն ու աշխատանքային ներդրումը կրնան լուրջ հարուած հասցնել Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցին մէջ մեր կատարած ջանքերուն», ըսաւ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան:

Ըստ անոր, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի լաւագոյն ձեռնարկներէն մէկը պիտի ըլլայ Պուէնոս Այրեսի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի գործարկումը: Տակաւին յստակ չէ, թէ շինարարութիւնը ե՛րբ պիտի աւարտի, սակայն նպատակն է, որ ոչ միայն կառոյցը պատրաստ ըլլայ 2015 թուականին, այլեւ կազմակերպուի առաջին ցուցադրութիւնը:

Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան  նախագահ Սերժ Սարգսեանի Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը 24 ապրիլ 2015-ին Երեւան հրաւիրելու նախաձեռնութեան, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ատիկա նկատեց յանդուգն մարտահրաւէր եւ խելացի պատասխան ապրիլին Էրտողանի արտայայտած «ցաւակցութեան», որ փաստօրէն ցեղասպանութեան «մեղմ» ժխտողականութեան նորագոյն մարտավարութիւնն է` ուղղուած յատկապէս միջազգային հանրային կարծիքին:

 

 

Նախորդը

Օհանեան Ընդունեց Ամերիկացի Մասնագէտներ

Յաջորդը

Յակոբ Ինջիղուլեան Հայաստան Վերադարձաւ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.