«Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական «Հապերլեր» կայքը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր խորհուրդը որոշում տուած է շուրջ 42 հազար քառակուսի մեթր տարածք վերադարձնելու հայկական Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հիմնադրամին: Հայ համայնքին վերադարձուած տարածքին մէջ կը մտնէ նաեւ Պոլսոյ Զէյթինպուռնուի մարզադաշտը:
Հայկական սեփականութիւնը հիմնադրամին վերադարձնելու վերջնական որոշումը տրուած է 22 յունուար 2014-ին, սակայն Զէյթինպուռնուի քաղաքապետարանը դատարանին մէջ բողոքարկած էր որոշումը` պատճառաբանելով, որ տարածքը հայ համայնքին վերադարձնելու որոշումը հակաօրինական է: Այդուհանդերձ, դատարանը չէ բաւարարած Զէյթինպուռնուի քաղաքապետարանի հայցը` տարածքը ձգելով հայ համայնքին:
Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հիմնադրամի ղեկավար Պետրոս Շիրինօղլու նշած է, որ կ՛ուզեն իրենց վերադարձուած եւ 338 միլիոն թրքական լիրա (շուրջ 150 միլիոն տոլար) արժողութեամբ տարածքը օգտագործել ամէնէն արդիւնաւէտ ձեւով: Ըստ Շիրինօղլուի, այդ տարածքին մէջ ամենայն հաւանականութեամբ պիտի կառուցուի առեւտուրի կեդրոն, պանդոկ կամ իջեւանատուն, իսկ ատկէ ստացուող եկամուտը պիտի օգտագործուի հիւանդանոցին եւ համայնքին կարիքները հոգալու համար:


