ԵԱՀԿ-ը մամլոյ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով, Ճէյմս Ուորլիք եւ Փիեռ Անտրիօ Նիւ Եորքի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկած են Փարիզի մէջ հոկտեմբերի վերջաւորութեան նախատեսուող երկու երկիրներու նախագահներու հանդիպումին նախապատրաստութիւնները:
Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները կը պատրաստուին Փարիզի հանդիպումին ընթացքին շարունակելու երկխօսութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գլխաւոր բաղադրիչներուն շուրջ: Համանախագահները յոյս յայտնած են, որ նախագահները ունենան արդիւնաւէտ քննարկումներ մնայուն լուծման ուղղութեամբ յառաջընթաց արձանագրելու համար:
Հանդիպումին ներկայ գտնուող ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք մասնակիցներուն հակիրճ կերպով զեկուցած է այն հարցերուն մասին, որոնք կրնան ներառուիլ յառաջիկայ հանդիպումի օրակարգին վրայ:
Համանախագահները մտադրութիւն յայտնած են մօտ ատենէն այցելելու շրջան:
Համանախագահները նաեւ հանդիպում ունեցած են ԵԱՀԿ-ի նախագահ Տիտիէ Պուրքհալթերի հետ` քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները: Անոնք ԵԱՀԿ-ի նախագահին ներկայացուցած են Սոչիի եւ Կալեսի մէջ երկու նախագահներու վերջին հանդիպումներուն մասին հաշուետուութիւն եւ զինք տեղեակ պահած Փարիզի հանդիպումին պատրաստութիւններուն մասին:


