Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Եւրոպական Խորհրդարանի Բանաձեւին Համար Հայերը Մեղաւոր Կը Նկատէ

September 27, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0924_European-parliament«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Ազրպէյճանի վերաբերեալ հինգշաբթի օր որդեգրուած բանաձեւը, որուն մէջ լուրջ քննադատութեան ենթարկուած է Ազրպէյճանի իշխանութիւնը` եւրոպական կառոյցներուն առջեւ ստանձնած պարտաւորութիւնները չկատարելուն եւ երկրին մէջ փաստացի բռնապետութիւն ստեղծելուն համար, Ազրպէյճանի մէջ դարձած է իրենց անյաջողութիւններուն համար անգամ մը եւս հայերը մեղադրելու պատրուակի:

Ազրպէյճանի իշխող «Ենի Ազերպայճան» կուսակցութեան փոխնախագահ Սիյաւուշ Նովրուզով Haqqin.az կայքին հետ Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւին վերաբերեալ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ իր կատարած «հետազօտութիւններուն» բերումով ի յայտ բերած է, որ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ որդեգրուած Ազրպէյճանի դէմ եղող բանաձեւը պատրաստած են այդ կառոյցի 46 «հայամէտ» երեսփոխաններ: «Անոնք բոլորն այս կամ այն աստիճան կապուած են հայկական լոպիին հետ, ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս», ըսած է ան:

Նովրուզով իր այդ «բացայայտումը» բացատրած է այն բանով, որ Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ հակաազրպէյճանական բանաձեւ որդեգրելու հիմնական պատճառը այն է, որ «երկիրը արագօրէն տնտեսապէս կը զարգանայ, կ՛աճին բնակչութեան եկամուտները, լուրջ բարեփոխումներ կը կատարուին», եւ շարունակած է թուարկել ազրպէյճանական իրականութեան չվերաբերող այլ անհեթեթութիւններ:

 

 

 

Նախորդը

Հայաստան Փերինչեքի Գործին Պիտի Մասնակցի Իբրեւ Երրորդ Կողմ

Յաջորդը

Պոլսոյ Մէջ Հայկական Համայնքի Սեփականութիւնը Վերադարձուած Է Իրաւատիրոջ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.