
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր շնորհաւորեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանը` անոր պաշտօնին ստանձնումին առիթով:
Հանդիպումին ընթացքին զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ բանակը յանձնառու կը մնայ Արսալի բնակչութեան անվտանգութեան` շեշտելով, որ Արսալը բանակին կողմէ չէ շրջափակուած:
«Բանակը պարզապէս կ՛արգիլէ Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող զինեալներուն Արսալ մուտքը եւ անոր բնակիչներուն վրայ յարձակումը: Բանակը ճիգ չի խնայեր նաեւ բոլոր շրջաններուն մէջ լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը ապահովելու, առանց խտրութեան», հաստատեց ան:
Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ բանակը ներխուժումներ կատարած է իր կեդրոններուն եւ քաղաքացիներու դէմ յարձակում գործած կասկածելիներու բնակարանները եւ Թրիփոլիի մէջ ձերբակալած է 20 յանցագործներ ու գրաւած մեծ թիւով զէնքեր եւ զինուորական սարքեր:
Յանցագործները յանձնուած են համապատասխան դատական ատեաններուն:
Իր կարգին, բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ներխուժեց Քուրայի մէջ սուրիացի գաղթականներու կեդրոն մը եւ ձերբակալեց բոլոր անոնք, որոնք ապօրինի կերպով մուտք գործած են Լիբանան:
Միւս կողմէ, Սուրի Պաս շրջանին մէջ լիբանանեան բանակի շրջուն ջոկատի մը կողմէ 5 կասկածելիներ փոխադրող ինքնաշարժ մը հետապնդելու ընթացքին արձանագրուեցաւ կրակոց, որուն պատճառով սպաննուեցաւ կասկածելի Ֆաուզի Շահրուր, իսկ մնացեալ կասկածելիները ձերբակալուեցան:


