
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ Պիքֆայայի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ազգային ազատականներու կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ կուսակցութեան Մեթնի պատասխանատու Ժորժ Ապի Սամրայի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, որոնց լոյսին տակ Ժեմայէլ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն գործակցելու եւ ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը, յատկապէս այս հանգրուանին, երբ երկիրը զգայուն պայմաններ կ՛ապրի եւ շրջանը վտանգներով շրջափակուած է:
Ժեմայէլ շեշտեց նաեւ Լիբանանի ազատութեան, գերիշխանութեան եւ անկախութեան յանձնառու մնալու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով շրջանին մէջ Լիբանանը համերաշխութեան եւ պատգամ երկիր պահելու կարեւորութիւնը:
Ժեմայէլ երէկ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Ժեմայէլ դրուատեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի արտասանած ճառը եւ զայն նկատեց պատմական` ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ ահաբեկչութեան դէմ մշակոյթ մը ստեղծելու առումով:
Հէյլի հետ իր հանդիպումին ընթացքին Ժեմայէլ շեշտեց նաեւ, որ արաբական երկիրները պէտք է գործակցին ահաբեկչութեան դէմ:
Իր կարգին, Հէյլ հաստատեց ամերիկեան պետութեան կողմէ լիբանանեան բանակը զինելու յանձնառութիւնը` ընդգծելով ամէնէն արագ միջոցին նախագահական ընտրութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:


