
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանեան-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ, նախկին նախարար Հասան Մնայմնէն:
Քննարկուեցան յանձնախումբին աշխատանքին վերաբերող մանրամասնութիւնները:


