
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի մաղթեց, որ Թուրքիա օժանդակէ Լիբանանին` առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու հարցով:
Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալին: Հանդիպումը ունէր ծանօթացման բնոյթ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:


