
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ պատասխանելով ծերակուտական Մարք Քըրքի հարցումին, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած դեսպան Ճոն Պաս ըսած է, որ իրեն համար Թուրքիոյ ազգային եւ կրօնական համայնքներուն նկատմամբ յարգանքը, ինչպէս նաեւ` կրօնական նշանակութիւն ունեցող կալուածներու նկատմամբ սեփականութեան իրաւունքի վերականգնումը շատ կարեւոր առաջնահերթութիւն պիտի ըլլայ:
Ծերակուտական Քըրքի հարցումները վերաբերած են Հայոց ցեղասպանութեան եւ Թուրքիոյ կողմէ հայկական, յունական եւ ասորական եկեղեցիներու բռնագրաւուած կալուածները վերադարձնելու վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան: Հետեւելով Սպիտակ տան կողմէ ստացած ցուցմունքներուն` Պաս խուսափած է Հայոց ցեղասպանութեան ուղղակի յիշատակումէն` նշելով, որ այդ ողբերգութիւնը անուանելու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ օգտագործուող եզրաբանութիւնը նախագահին կողմէ ընդունուած սահմանում է: Այսպէս, արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքականութեան ծիրին մէջ ճանչնալով Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն 1,5 միլիոն հայու սպանութեան եւ աքսորի փաստը, ամերիկացի դիւանագէտը բացայայտ կերպով շրջանցած է սպանութիւններու համար պատասխանատուութեան շուրջ ծերակուտական Քըրքի հարցումը:
Ընդունելով, որ թրքական կառավարութիւնը 1936-2011 թուականներուն ընթացքին բռնագրաւած է քրիստոնէական եւ հրէական կրօնական համայնքներուն պատկանող կալուածները, Պաս թուած է քանի մը որոշակի քայլեր, որոնք պատրաստ է ձեռնարկելու նշեալ կալուածներու վերադարձին ապահովման օժանդակելու համար:


