Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Արթուր Թովմասեան երէկ ընդունեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ծերակոյտի անդամ, Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Ֆիլիփ Քալտենպախը:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, որ խորհրդարանի փոխնախագահը կարեւոր նկատած է ֆրանսացի խորհրդարանականներու հետ բարեկամական կապերու ամրապնդումը եւ հետագայ համագործակցութեան զարգացումը:
Ֆրանսացի ծերակուտականը ապա տեսակցած է Արցախի օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու, հանրային-քաղաքական եւ գիտակրթական մարզերու ներկայացուցիչներուն հետ:
Քալտենպախ իր խօսքին մէջ նշած է, որ Արցախի ժողովուրդին պայքարը ոչ թէ տարածքի, այլ ազատութեան համար պայքար է, եւ ինքնորոշման իրաւունքը պէտք է յարգուի: Ֆրանսացի խորհրդարանականը ըսած է, որ տեսանելի են նուաճումները ժողովրդավարական արժէքներու ամրապնդման ուղղութեամբ` ընդգծելով, որ Ազրպէյճան կրնայ օգուտ քաղել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան օրինակէն:


