
Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ առեւանգուած զինուորներուն ընտանիքները փակեցին Տահր Պայտարի միջազգային ճամբան եւ վրաններ լարեցին ճամբուն մէջտեղ, ուր հաստատուեցան իրենց ընտանիքներով:
Առեւանգուած բանակայիններուն հարազատները փակեցին նաեւ Թարշիշ-Զահլէի եւ Մաասեր Շուֆ – Քըֆրայայի ճամբաները` հաստատելով, որ իրենք նաեւ այդ ճամբաներուն վրայ պիտի գիշերեն մինչեւ իրենց զաւակներուն ազատ արձակումը:
Ցուցարարները բողոքեցին իրենց զաւակներուն համար կազմուած նախարարական յանձնախումբին դէմ` շեշտելով, որ անոնք ցարդ ոչ մէկ քայլ առած են, անոնք պահանջեցին նաեւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հրաժարականը եւ կոչ ուղղեցին արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիին արագացնելու իսլամական բանտարկեալներուն դատավարութիւնները:
Առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները իրենց զաւակներուն կեանքին պատասխանատու նկատեցին կառավարութիւնը, սպառնալով յառաջիկայ օրերուն մագլցողական յաւելեալ քայլերու դիմել:
Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց ապահովական նիստի մը, որմէ ետք շեշտեց, որ ըստ օրէնքի բանակայինները փոխանակելու կարելիութիւն գոյութիւն ունի:
Մաշնուք երէկ երեկոյեան մեկնեցաւ Ֆրանսա, ուր նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ պիտի քննարկէ լիբանանեան իրադարձութիւնները:


